2013-04-20 11:17:34

Գիրքերու Շնորհահանդէս` Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան։


«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ» իրականացուող ծրագիրներու ծիրին մէջ , տեղի ունեցաւ Հ Հ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ հրատարակուած՝ Հ. Վահան Ծ. վրդ. Օհանեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի հեղինակած «Հայերն Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսին» ժողովածուի, «Հայկական պետութեան սահմաններն ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի» եւ Գրիգոր Գուլգուլեանի գործը. «Վրէժ սպաննուած հօր եւ եղբայրներու համար» գիրքերու շնորհահանդէսը: Նախաձեռնութեան ներկայ էին Հ Հ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար՝ Հ. Յակոբեան, գիրքերու հեղինակները, պատմաբաններ, ցեղասպանագէտներ, խնդիրի ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներ եւ հրաւիրեալներ:
Հ. Յակոբեան ողջունեց շնորհահանդէսի մասնակիցները, ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ հրատարակուած գիրքերը եւ նշեց. որ ՜՜գրքերից իւրաքանչիւրը իւրովի վկայութիւն եւ ազդակ է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքների վերացման գործընթացում»:
Խօսք առին հեղինակները որոնք ներկայացուցին իրենց գործերուն շարժառիթն ու տարուած աշխատանքը հրաւիրելով բոլորը կարալու եւ խորհրդածելու պարունակութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.